himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

18
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Հիմնաւորուա՞ծ Են Արտագաղթին Դրդապատճառները ՄԿՐՏԻՉ Յ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ հետազօտական զեկոյցին մասին, առանց գնահատական մը ներկայացնելու, այլ, մատնացոյց պիտի ընեմ բուն դրդապատճառը ու անոր յաջորդող հետեւանքները Հայաստանի տնտեսութեան ու հասարակութեան վրայ՝ խորհրդային տնտեսութեան փլուզումով, քանի որ արտագաղթին գլխաւոր մղիչ ուժը տնտեսական է: Այո՛, տնտեսական: Տնտեսութիւնն է որ կը ստեղծէ՝ ա. աշխատանքի առիթները, բ. անհատական եկամուտը, գ. բնակարանը, դ. ընտանիքն ու ծնելիութեան մակարդակը, ե. երախաներուն խնամքն ու կրթութիւնը, զ. ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Մեր առջեւ ունինք Հայաստանի բնակչութեան թիւի անկումին հետազօտական աշխատանքին զեկոյցը: Իրապաշտ ու հազուագիւտ ախտաճանաչում մը՝ որուն ֆինանսաւորումը կը պարտինք գլխաւորաբար Գոլոլեան Հիմնադրամին: Նպատակը այս զեկոյցին՝ ընդգծել Հայաստանի բնակչութեան նուազման հիմնական դրդապատճառները գիտական, առարկայական ու վիճակագրական մօտեցումով: Վերջաւորութեան՝ առաջարկներ: Ունինք նաեւ վերջերս հրատարակուած Ամերիկեան Foreign Affairs - Յունուար- Փետրուար 2014 հանդէսի «Armenia, roadmap to growth» ուշագրաւ յօդուածը, որուն մէջ նշոյլ մը կը տեսնենք արտագաղթի մասին:

Upload: ramgavar-party

Post on 21-Mar-2016

220 views

Category:

Documents


2 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Հիմնաւորուա՞ծ Են

Արտագաղթին Դրդապատճառները

ՄԿՐՏԻՉ Յ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ հետազօտական զեկոյցին մասին, առանց գնահատական մը

ներկայացնելու, այլ, մատնացոյց պիտի ընեմ բուն դրդապատճառը ու անոր յաջորդող

հետեւանքները Հայաստանի տնտեսութեան ու հասարակութեան վրայ՝ խորհրդային

տնտեսութեան փլուզումով, քանի որ արտագաղթին գլխաւոր մղիչ ուժը տնտեսական է: Այո՛,

տնտեսական: Տնտեսութիւնն է որ կը ստեղծէ՝ ա. աշխատանքի առիթները, բ. անհատական

եկամուտը, գ. բնակարանը, դ. ընտանիքն ու ծնելիութեան մակարդակը, ե. երախաներուն խնամքն

ու կրթութիւնը, զ. ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը:

Մեր առջեւ ունինք Հայաստանի բնակչութեան թիւի անկումին

հետազօտական աշխատանքին զեկոյցը: Իրապաշտ ու

հազուագիւտ ախտաճանաչում մը՝ որուն ֆինանսաւորումը կը

պարտինք գլխաւորաբար Գոլոլեան Հիմնադրամին: Նպատակը

այս զեկոյցին՝ ընդգծել Հայաստանի բնակչութեան նուազման

հիմնական դրդապատճառները գիտական, առարկայական ու

վիճակագրական մօտեցումով: Վերջաւորութեան՝

առաջարկներ:

Ունինք նաեւ վերջերս հրատարակուած Ամերիկեան Foreign

Affairs - Յունուար- Փետրուար 2014 հանդէսի «Armenia,

roadmap to growth» ուշագրաւ յօդուածը, որուն մէջ նշոյլ մը կը

տեսնենք արտագաղթի մասին:

Page 2: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

«Քանդուած տնտեսութիւն ու հայրենիք կը

կառուցուին՝ քար առ քար, դիզ առ դիզ

ժողովուրդին ձեռամբ, քրտինքով, արցունքով ու

արիւնով». կ՛ըսէ տիկին Երան Գույումճեան, իր

կայքին մէջ (12 Փետրուար 2014): Բարեբախտա-

բար, ժողովուրդը ողջ մնաց այս փլուզումէն ու

չպատճառուեցան մարդկային վնասներ:

բարգաւաճման փուլին ներկայ աշխարհաքաղա-

քական պայմաններուն ներքոյ:

***

Խորհրդային Միութեան ու անոր տնտեսական

փլուզումները կը նմանին Միացեալ Նահանգներու 1929-

ի, Նիւ Եորքի սակարանին անդունդային անկումին,

որուն յաջորդեցին զանգուածային սնանկութիւններ,

գործազրկութիւն ու իսկական ճգնաժամ: Սակայն

պետութիւնը կարողացաւ ստեղծել անգլիացի

տնտեսագէտ Քէյնզի յանձնարարութեամբ New Deal-ը,

Նոր Դրութիւնը եւ Welfare State-ի պիտակին տակ,

Միացեալ Նահանգներ ազատեցաւ դէպի

համայնավարութեան ընթացքէն: Շուկայական

համակարգը չի բացառեր ունենալ պետական

տնտեսական կառոյցներ՝ զուգահեռ սեփական

ձեռնարկներու հետ միասին գործող, նամանաւանդ՝ այն

Ուոլթ Ուիթմըն Ռոսթոու

Ուրեմն բուն պատճառը Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդող տնտեսական փլուզումն է:

Նորանկախ 15 պետութիւններու շարքին, Հայաստանն ալ տակաւին կը գտնուի անցումային

ծիրին մէջ մինչեւ այսօր ու անցումային տնտեսական փուլերը կը կարօտին ժամանակի: Անիկա

մութ ու խաւար փակուղի մըն է ու ելքը դէպի լոյս՝ անորոշ: Երբը՝ կախեալ է պետութեան

որդեգրելիք տնտեսական դրութենէն ու անոր յարակից քաղաքականութենէն: Յուսախաբ ընելու

համար չէ որ կը մատնանշեմ այս իրականութիւնը:

Երկրի մը բարգաւաճումը կ'անցնի բազմաթիւ փուլերէ,ըստ՝ տնտեսագէտ W.W. Rostow-ի:

Նմանապէս, երկրի մը ֆինանս-վարկային զարգացումը կը կարօտի մի քանի փուլերու:

Տնտեսական բարգաւաճում կը նշանակէ դրամագլուխի կազմաւորում, այսինքն՝ capital formation,

որ կը կարօտի ժամանակի ու քսաներկու տարիները մեր հանրապետութիւնը տակաւին չեն

հասցներ

Page 3: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 3

Ճոն Մէյնարտ Քէյնզ

պետական ձեռնարկները որոնք կը բարելաւեն ժողովուրդի

մը ընկերատնտեսական վիճակը՝ եթէ լաւ տնօրինուին:

Պետութեան մը պարտականութիւնն է չթողուլ որ

մենաշնորհային պիզնէսի համակարգը շուկայէն դուրս մղէ

փոքր ու միջին ձեռնարկները: Վերջիններս պէտք է

պաշտպանուին պետութեան կողմէ: Այլ խօսքով՝ կարեւոր է

ունենալ օլիկարգներ տնտեսութեան մը մէջ, որոնք կապ

չունենան պետական պաշտօնեաներու հետ: Ճափոնի

Զայպացուները ինչպէս՝ Mitsui, Mitsubishi, Marubeni

ձեռնարկները, կամ, Միացեալ Նահանգներու Rockfeller

կամ Carnegy ընտանիքներուն նպաստը կարեւոր եղած են

այս պետութիւններու բարգաւաճման ընթացքին:

Գալով համայնավար Չինաստանի տնտեսութեան,

պետական կարեւոր ձեռնարկներ կը մրցակցին սեփական

մարզէն պիզնէսներուն հետ ու վերջին 30 տարուան

ընթացքին Չինաստանի տնտեսութիւնը ունեցած է

համաշխարային յառաջդիմութիւն:

«Report No -3 Public International Development Financing in Turkey, 1962» , եւ «First 5 Year

1963-1967 Development Plan in Turkey, 1963» ցոյց կու տան թէ ինչպէս ստեղծուած են պետական

ձեռնարկներ ու ներգրաւած՝ ներդրումներ ու ֆինանսաւորում երկար պայմանաժամերով օտար

աղբիւրներէ:

Գոլոլեան Հիմնադրամի

Զեկոյց-ի համաձայն

Տնտեսական

ազատութեան ցուցանիշի

բաղադրիչները

Page 4: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 4

Այս ցուցանիշին վրայ՝ «Ազատութիւն» բառին կը հանդիպինք բազմաթիւ անգամներ: Արդեօ՞ք,

տնտեսական ազատութեան այս բաղադրիչները կը քաջալերէն արտագաղթը կամ՝ կապ չունին

արտագաղթողներու դրդապատճառներուն հետ: Բացի «կոռուպցիայից» եւ «սեփական իրաւունք»

բաղադրիչներէն, մնացեալները պէտք է նպաստաւո՜ր ըլլան չարտագաղթելու:

Իսկ Հայաստանի բանկային համակարգի 2012-ի զեկոյցը ցոյց կու տայ ՀՆԱ (Համախառն Ներքին

Աճ ) 10 միլիառ տոլար, մէկ անձին ինկող ՀՆԱ՝ 3020 տոլար: Ուրե՞մն:

Սկիզբը՝ ըսի թէ գլխաւոր մղիչ ուժը արտագաղթին՝ տնտեսական է: Սակայն, երբ YouTube-ի վրայ

կը լսեմ GlobalHye Information Sevices-ի հայթայթած Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Սեպուհ

Արքեպիսկոպոս Չուլճեանի (4 Փետրուար, 2014) 25 վայրկ. 34 երկվ. տեւողութեամբ զեկոյցը ՝

շրջանի ոստիկաններուն հետ, տարբեր դրդապատճառներու կը հանդիպիմ: Անոր բուն ցաւը՝

պետութիւնը այսօր կը հնձէ, ինչ որ ցանեց վերջին 22 տարիներուն...:

Մեր կողմէն, կ’ուզենք՝ նոր ոչ-տնտեսական ցուցանիշի բաղադրիչներ օգտագործել,

արտացոլացնելու համար դժգոհութեանց դրդապատճառները. «անհատական դժգոհութիւններ»,

որոնք ուղղակի կապ կրնան ունենալ արտահոսքին հետ:

Այժմ՝ իւրաքանչիւր ընթերցողին կը թողում տալ իր արժեւորումը արտագաղթի

դրդապատճառներուն.

Կը կարծե՞ս թէ՝

Ա- Իշխանութեան պարագլուխները 1991-էն, մինչեւ այսօր չե՞ն յաջողած ստեղծել փայլուն ապագայ:

Չե՞ս վստահիր իշխանութեանդ խոստումներուն:

Բ- Արժանապատուութիւ՞նդ վիրաւորեցին ու անիրաւուա՞ծ կը զգաս: Ոտնակոխուա՞ծ են

իրաւունքներդ:

Գ- Ապահով չե՞ս զգար ընտանիքիդ կարիքները գոհացնելու:

Դ- Հակամարտութիւն կամ կենցաղային հարցեր ունի՞ս, համայնավար սերունդէն քու

ազգակիցներուդ հետ:

Ե- Խնայողութիւններդ կորսնցուցի՞ր կարգ մը դրամատուներու սնանկութեամբ:

Զ- Զինուորական պարտականութենէ՞ն փախուստ կու տաս:

Է- Կղերականները քեզ չե՞ն խրատեր կամ դուն չե՞ս հետեւիր անոնց խորհուրդներուն:

Page 5: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Ը- Քու փոխյարաբերութիւններդ հեզասահ կ'ընթանա՞ն շրջապատիդ հետ: Պետական

սպասարկութիւնները-պաշտօնեայ, ոստիկան կամ այլ, քու գործերդ ու ապրուստդ չե՞ն

դիւրացուցած:

Թ- Թշնամիներու յարձակումէն կը վախնա՞ս:

Ժ- Լքուած կը զգա՞ս քու շրջապատէդ, ցաւդ տանող չմնա՞ց: Հասարակութիւն կամ պետական

ընդհանուր կացութենէն յուսալքուած/յուսախաբուած ե՞ս ապագային հանդէպ:

Ի- Գործազո՞ւրկ, դիսկրիմինացիայի զոհն ե՞ս: Համոզուա՞ծ ես, որ արտասահմանի երկիրները

քեզի կ'երաշխաւորեն բարեկեցիկ կեանք:

Որպէսզի արտահոսքը դանդաղի ու դադրի եւ վերադարձ տեղի ունենայ դէպի երկիր,

կ՞առաջարկուին հետեւեալները: Այս առաջարկութիւնները հիմնուած են հայ անհատին հիմնական

կարիքները գոհացնող ու լրացնող տարրերէն:

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 5

Այսինքն՝

-ԲՆԱԽՕՍԱԿԱՆ - պատսպարան, ուտեստեղէն, ջուր եւ

կենսաբանական կարիքներ:

- ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ - ֆիզիքական պաշտպանութիւն,

ապահովումը մարդկային իրաւունքներու `զերծ վախէ:

- ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ - սէր, ընտանիք, շրջանակ,

բարեկամներ:

- ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ - յարգանք, ճանաչում, նուաճում:

-ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄ - ակնկալութիւններու եւ երազներու:

Ուրեմն՝

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ - Իւրաքանչիւր քաղաքացիի երդիք մը:

Պետութիւնը կարող է ապահովեl զայն:

ՀՈՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ - Քաջալերել հողատնտեսութեան

մարզը, տրամադրելով, հողատարածք, ֆինանսաւորում,

տեխնոլոկիա եւ շուկայ: Հայաստանի հողը կը պատկանի

ժողովուրդին:

Սեպուհ Արք. Չուլճեան

Page 6: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 6

Ճոն Սթուըրթ Միլ

ՊԵՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - Ստեղծում, ներդրում ու ֆինանսաւորում պետական

ձեռնարկներու, ներքին ու արտաքին աղբիւրներէ:

ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ - Welfare State, ապահովելով գոյութեան նուազագոյն եկամուտ

կարօտեալներուն. Նմանապէս՝ որդեգրել կամ բարելաւել ընկերային նոր պայմանագրութիւն մը՝ Contrat Social:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - Այս կարգախօսը նորութիւն չէ: Խրիմեան Հայրիկ ու 19-րդ դարու մեր

մտաւորականներէն, Ակնունի, Ծերենց արծարծած են իրենց գրութիւններով: Հարկաւոր է

կեդրոնանալ այս կարգախօսին վրայ:

ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԽՆԱՄՔ - Չանտեսել ոեւէ մէկ հայաստանցի կամ սփիւռքահայ , զանոնք

չթողուլ յուսալքուած, յուսախաբ ու անիրաւուած. « Սիրել քո տէրը ու դրացիդ քու անձիդ պէս» .

Մաթէոս Աւետարանիչ՝ համար 22: 37-40

***

Ըստ 19-րդ դարու անգլիացի տնտեսագէտ John Stewart Mill-ի՝, քայքայուած տնտեսութիւն մը,

կրնայ վերականգնիլ դրամագլուխի կազմաւորումով: Ան՝ «Principles of Political Economy» իր

հատորին մէջ, կը գրէ հետեւեալը.

“An enemy lays waste a country by fire and sword and

destroys or carries nearby all the movable wealth existing

in it. Earthquakes devastate in a short time cities, villages

and living traces: all the inhabitants are ruined, and yet,

in a few years after, everything is much as it was before

... The possibility of a rapid repair of their disasters

mainly depends on whether the country has been

depopulated. If its effective population have not been

extirpated at the time, and are not starved afterwards;

then, with the same skill and knowledge which they had

before, with their land and its permanent improvements

undestroyed… they have nearly all the requisites for

their former amount of production… they will in a short

time have raised as great a produce, and acquired

collectively as great wealth and as great a capital as

before.’’

Page 7: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Մեկնարկը՝ (take off) դրամագլուխի կազմաւորման, պէտք է յատկանշուի խթանիչ ուժով մը կամ

ուժերով, որոնք կը միտին զարգացնելու ներկայ տնտեսութիւնը, հիմք ունենալով Հայաստանի

բնական ու հանքային հարստութիւնները շահագործելու կարելիութիւնները... Հայաստանի ու

արտերկրի մարդուժը զօրահաւաքի ենթարկելու միջոցները, տնտեսական կարգ մը ոլորտներու

մէջ զարգացնելով շղթայական տեսքով ընդլայնում. նորարարութիւն՝ տնտեսութեան զանազան

մարզերու մէջ, ապաւինիլով զարգացած, որակաւոր մարդուժի կարողականութեան բարիքներէն:

Ապահովել նաեւ օտարերկրեայ ներդրումներ, սեփական կամ՝ պետական:

Օրինակ մը. հասկնալի պատճառներով Հայաստան չի կրնար զարգացնել նաւաշինութեան

մարզը, սակայն իր կարելիութիւնները ուսումնասիրելով եւ սերտուած քայլերով կրնայ մշակել

ու զարգացնել որոշակի արհեստագիտութիւն, այլ խօսքով՝ ճշգրիտ ճարտարարուեստ (precision

instruments) կամ իր կարելիութիւններուն վրայ յենած արդիւնաբերութիւն: Եթէ Հայաստանի

տնտեսութիւնը ի վիճակի պիտի չըլլայ արտադրելու շոգեկառք, հաւանաբար կարելի պիտի

ըլլայ արտադրել տարբեր տարիքներու գոհացում տուող տեսակաւոր խաղալիքներ ու խաղեր:

Եթէ Հայաստանի տնտեսութիւնը պայմաններ չունի զարգացնելու հիւսուածեղէնի

ճարտարարուսետը, հաւանաբար կարելիութիւն ունենայ զօրացնելու գորգի արտադրութեան

ճարտարարուեստը:

Շարունակենք օրինակները՝ արական ու իգական նորաձեւութեան մարզը, զբօսաշրջութեան

զանազան մարզերը, գեղեցիկ արուեստներու եւ գեղարուեստի բնագաւառները…

ռազմագիտական արհեստագիտութիւնը: Անհրաժեշտ է հաշուի առնել նաեւ համացանցային

կամ բջիջային արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ ամէնօրեայ նորարարութիւններն ու անոնց

հովիտները: Աչքաթող չընենք խորհրդային ժամանակաշրջանէն «ժառանգած» զինաշինութեան

ահաւէտ ճարտարարուեստը: Եթէ չունինք հրասայլ արտադրելու արդիւնաբերութիւն, կարելի է

զարգացնել ռազմական ճարտարարուեստի այլ արտադրանքներ: Շարքը կարելի է երկարել

ճարտարարուեստի այն ոլորտներուն որոնք աշխատանք պիտի հայթայթեն գործազրկութենէ

բողոքող արտագաղթողներուն:

Չի բաւեր ապաւինիլ միայն սպասարկութիւններու վրայ յենած տնտեսութեան: Այս մէկը

վստահաբար բաւարար պիտի չըլլայ աշխատանք եւ կեցութեան պայմաններ ապահովելու

ժողովուրդին:

Եւ ի վերջոյ, դրամագլուխի կազմաւորումը մեծապէս կախեալ է խնայողութեան,

խնայասիրութեան ու ներդրումային սկզբունքներու կիրառութեան եղանակէն, միաժամանակ

հրաժարելով՝ ոչ հեռանկարային սպառողական քաղաքականութեան ընտրանքէն:

Պէյրութ, Լիբանան

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 7

Page 8: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

www.facebook.com/RAGmamoul

ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

Հայաստանի Բնակչութեան Թիւին Անկումը. Ճգնաժամի Ակունքները Եւ Դրանց

Յաղթահարման Ուղիները, Գոլոլեան Հիմնադրամ:

«Ազատ Խօսք» կայք՝ Տիկին Երան Գույումճեան – 12 Փետրուար 2014:

W.W. Rostow - The Stages of Economic Development Growth, Cambridge University Press, 1960

F.D. Roosvelt - The Welfare State -The New Deal Deng Xiaping - The End of the Cultural Revolution In China: Republic of Turkey, State Planning Organization Development Plan - 1st 5 years 1963-1967,

Central Bank of The Republic of Turkey, Dec. 1963, Ankara: Public International Development Financing - Research Project - Columbia University School

of Law Public Int’l Development Financing in Turkey. New York 1962

Խաչատուր Մալումեան ( Է. Ակնունի), «Մեղրագետ»- Ռ. Զարդարեանի հրատարակութիւն,

Արծիւ Ժողովրդական Գրաւաճառանոցի, էջ 330, 1911, Կ. Պոլիս:

Ստեփան Գէորգեան «Հայրենիքի Ձայն » - 19 Մայիս 1993, Երեւան:

Ժ. Միրզաբեկեան – «Մտորումներ Արտագաղթի եւ Ազգահաւաքութեան Մասին»,

«Ազդակ» 17 Մարտ 1989:

Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան - « Ընկերային Նոր Պայմանագրութեան Մը Կարիքը«, «Զարթօնք»

Նոր Տարուան բացառիկ՝ 1994:

Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը, Զեկոյց Հայաստանի Բանկերի Միութեան , 30

Մարտ 2012, Պէյրութ:

Armenia - Roadmap To Growth - Foreign Affairs - Jan.-Feb. 2014, World Profile Group:

Մկրտիչ .Յ. Պուլտուքեան – Զրոյց - «Տնտեսութեան զօրութիւնը Սահմաններից Չի

Կախուած» - «Ազգ» եռօրեայ - 18 Դեկտեմբեր 1991, Երեւան:

« Սփիւռք» ԽԳ տարի, թիւ 96, Յունուար 2011, Պէյրութ:

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 8

Page 9: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Letters to the Editor

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 71 էջ 9

Յարգելի խմբագիր, ողջոյն: Դանիէլ Իոննիսեան, - Երբ արժեզրկւում է «Ցեղասպանութիւն» բառը (ՌԱԿ Մամուլ, Թ. տարի, թիւ 69, 17

Ապրիլ 2014) - վկայակոչելով այն հանգամանքը թէ ուղղակի բռնարարք չէ իրագործուած, կը զգուշացնէ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ՝ Քեսապի վերջին դէպքերուն առընչութեամբ: Թերևս հասկնալի մտահոգութիւն է իր կողմէ, նախևառաջ չաժանցնելու համար Աղէտին ահագնութիւնը և ապա՝ բացառելու համար յանիրաւի շահարկումը (կամ չարաշահումը) այդ եզրով որակուող ողբերգութեան: Սակայն, որ քեսապցիներուն հարկադրուածը շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան, կասկած չկայ: Ինչպէս որ Եղեռնի ժխտումը (այդ ալ առանց արիւնահեղութեան գործընթաց մըն է, ի վերջոյ) երկարաձգումն է Ոճիրին, պարագան նոյնն է հոս՝ զոհը զոհի վիճակին հասցնելը: «Ցեղասպանութիւն» եզրին միջազգային իրաւաբանութեամբ սահմանումին մէջ կ'իյնան նաև որևէ ազգային, էթնիկական, ցեղային կամ կրօնական խմբաւորումի՝ ամբոջովին կամ մասնակի «ֆիզիքական բնաջնջումին առաջնորդող կեանքի պայմաններ միտումնաւոր պարտադրել» և «խմբաւորումի անդամներուն ծանրակշիռ մարմնային և մտային վնաս պատճառել» հասկացողութիւնները (տես՝ ՄԱկի Ընդհանուր ժողովի 9 դեկտեմբեր 1948ին ընդունած «Ընդհանուր ժողովի թիւ 260 բանաձև»ը՝ Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման և պատիժի մասին դաշնագիր, յօդուած 2: Մէջբերուածին մէջ ընդգծումները իմն են. ԵԳ): Այդ երկուքն ալ առկայ են քեսապցիներուն վերջին փորձառութեան մէջ: Վերևը շարադրածիս հիման վրայ, «փախստական» քեսապցիները, այո, ցեղասպանութեան ենթակայ են, որովհետև ո՞վ կ'երաշխաւորէ որ անոնք «յետագայում վերադառնալու յոյս» ունին: Եւ ինչպէս փորձեցի հաստատել, ցեղասպանութիւնը չէ միայն «այն, ինչ տեղի ունեցաւ 100 տարի առաջ» և, այո, ոչ միայն կարելի է, այլ ամենէն տրամաբանական բանն է «600 ընտանիքների ժամանակաւոր (վստա՞հ. ԵԳ) փախստական դառնալը համեմատել 1,5 միլիոն հայերի սպանութեան և ևս այդքանի դեպորտագիայի հետ»: Կրկին այո, «մենք ամբողջ աշխարհին ասում ենք, որ Թուրքիան մեզ ենթարկել է ցեղասպանութեան 100 տարի առաջ և նոյնը կրկնում է հիմա», նոյնիսկ եթէ «սպաննուածներ չկան» (ինչ որ, անշուշտ, դուրս եկաւ որ ճիշդ չէ): «... [Թ]ուրքական իշխանութիւնների հակահայ ծրագրերի առկայութիւնը» ինքնին կը փաստէ որ դէպքերու այս մեկնաբանութիւնը «հայկական հիստերիա» չէ, այլ կը հիմնուի միջազգային ընտանիքին իսկ կողմէ ընդունուած չափանիշներու կիրարկման վրայ: Այնպէս որ պատճառ չկայ ցեղասպանական միտումներով ամբաստանումէ և խստագոյնս դատապարտումէ զերծ կացուցանելու թրքական պետութիւնը, Քեսապի (ինչու չէ, նաև Հալէպի) անցուդարձերուն մէջ իր մեղսակցութեան բերումով:

Ձերդ՝ Երուանդ Գոչունեան

Page 10: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Page 11: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 12: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian
Page 13: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian
Page 14: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian
Page 15: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian
Page 16: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian
Page 17: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian
Page 18: Himnavorvadz en ardakaghtin trtabadjarner ue by megerdich bouldoukian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]