friday 27 12 13, volume # 8, issue # 245

14
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Համալսարանաւարտութիւն. Ուրախառիթ Օ՞ր, Թէ Անորոշութեան Սկիզբ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 245 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Այնքա՜ն ուրախութեամբ եւ յուսալից համալսարան մուտք գործող երիտասարդութիւնը, որ միշտ ալ կ'աճապարէ աւարտելու իր ուսանողութեան ընթացքը, իր բացարձակ մեծամասնութեամբ, իր շրջանաւարտութեան սեմին այսօր՝ Լիբանանի մէջ, կ'ունենայ մտահոգութիւններ, զորս չունէր իրեն նախորդող սերունդը: Հետեւաբար, Լիբանանցի ուսանողու- թեան մեծամասնութիւնը հակառակ իր աճապարանքին,այսօր կը գտնուի անգործ մնալու սպառնալիքին տակ: Պէյրութի մէջ, կատարուած հարցա- խոյզի մը պատասխանելով, անգլերէն լեզուի մէջ մասնագիտացող շրջանա- ւարտուհի մը ըսած է, թէ ինք կը մտա- ծէ, յետ շրջանաւարտութեան, հետեւիլ Teaching DipIoma TD-ի վկայականի Այսօր՝ այնքան ցանկալի շրջանաւարտութեան գաղափարը նոյնքան անհանգստութիւն կը պատճառէ ուսանողին, որքան ան կը մօտենայ այդ օրուան: THE DAILY STAR լիբանանեան անգլիատառ թերթին մէկ յօդուածին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց InternationaI Monetary Fund IMF–ի բարձրաստիճան մէկ պաշտօնեային յայտարարութիւնը, թէ տարածքաշրջանի նոր աշխատաոյժը կը գտնուի անգործութեան սպառնալիքին տակ, որովհետեւ այս շրջանի երկիրներուն տնտեսական աճը համահաւասար չէ գործի պահանջքի աճին:

Upload: ramgavar-party

Post on 10-Mar-2016

227 views

Category:

Documents


6 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Համալսարանաւարտութիւն.

Ուրախառիթ Օ՞ր, Թէ Անորոշութեան Սկիզբ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԱՆԻ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 245 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Այնքա՜ն ուրախութեամբ եւ յուսալից համալսարան մուտք

գործող երիտասարդութիւնը, որ միշտ ալ կ'աճապարէ

աւարտելու իր ուսանողութեան ընթացքը, իր բացարձակ

մեծամասնութեամբ, իր շրջանաւարտութեան սեմին

այսօր՝ Լիբանանի մէջ, կ'ունենայ մտահոգութիւններ, զորս

չունէր իրեն նախորդող սերունդը:

Հետեւաբար, Լիբանանցի ուսանողու-

թեան մեծամասնութիւնը հակառակ

իր աճապարանքին,այսօր կը գտնուի

անգործ մնալու սպառնալիքին տակ:

Պէյրութի մէջ, կատարուած հարցա-

խոյզի մը պատասխանելով, անգլերէն

լեզուի մէջ մասնագիտացող շրջանա-

ւարտուհի մը ըսած է, թէ ինք կը մտա-

ծէ, յետ շրջանաւարտութեան, հետեւիլ

Teaching DipIoma TD-ի վկայականի

ծրագրին, համալսարանական

կեանքը քիչ մը եւս երկարաձգելու

համար, որուն շարժառիթը իր

մտահոգութիւնն է, թէ շուտով կրնայ

դժուարութիւններու հանդիպիլ հազիւ թէ

փորձէ մուտք գործել աշխատանքային

աշխարհ:

Այսօր՝ այնքան ցանկալի շրջանաւարտութեան գաղափարը

նոյնքան անհանգստութիւն կը պատճառէ ուսանողին, որքան ան կը մօտենայ այդ օրուան:

THE DAILY STAR լիբանանեան անգլիատառ թերթին մէկ յօդուածին մէջ ուշադրութիւնս

գրաւեց InternationaI Monetary Fund IMF–ի բարձրաստիճան մէկ պաշտօնեային

յայտարարութիւնը, թէ տարածքաշրջանի նոր աշխատաոյժը կը գտնուի անգործութեան

սպառնալիքին տակ, որովհետեւ այս շրջանի երկիրներուն տնտեսական աճը

համահաւասար չէ գործի պահանջքի աճին:

ծրագրին, համալսարանական կեանքը քիչ մը եւս երկարաձգելու համար, որուն շարժա-

ռիթը իր մտահոգութիւնն է, թէ շուտով կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ հազիւ թէ

փորձէ մուտք գործել աշխատանքային աշխարհ:

Միեւնոյն հարցախոյզին մասնակցող այլ ուսանողներ նշած են թէ իրենք պիտի

երկարաձգեն ուսանողութեան տարիները, արձանագրուելով Masters Degree–ի վկայակա-

նին վերոյիշեալ միեւնոյն մտահոգութեամբ, որն է` կարելի եղածին չափ ուշ մտնել գործ

փնտռելու հոգեսպառ եւ երբեմն ալ նուաստացուցիչ ընթացքին մէջ:

Անշուշտ կարելի չէ հոս անտեսել հոգեբանական այն բացատրութիւնը թէ մարդ արարածին

մօտ գոյութիւն ունի անյայտէն վախնալու հակումը, եւ որովհետեւ ամէն բան պարզ եւ

ապահով էր ուսանողական համեմատաբար անհոգ տարիներուն ընթացքին, անկէ ետք

գալիք անորոշութիւնը բնական վախ մը կը ստեղծէ ուսանողին մօտ: Սակայն կարելի չէ

անոր վրայ հիմնուելով յաւիտենական ուսանողներ մնալ: Այս հոգեվիճակը ժամանակաւոր

է սակայն, մինչեւ ուսանողը գործ գտնէ:

Հետեւաբար եւ հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ, գործի առիթներու չգոյութիւնը եւ անկէ

բխած ընկերաբանա-հոգեբանական վիճակը ուսանողութեան մօտ, կարելի չէ թեթեւակի

առնել:

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 245 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

-

demand & supply-ի օրէնքով, կարգ մը մասնագիտութիւններու պարագային, surplus մը յառաջ

պիտի բերէ, համալսարանաւարտ ուսանողութիւնը մղելով օրինակ՝ Արաբական Ծոցի

երկիրներ կամ այլուր գործ փնտռելու, որ իր կարգին, արդէն այլ վտանգաւոր վիճակ մըն է,

որ կը կոչուի brain drain, որ տուեալ երկրէ մը դուրս կը մղէ ուսեալ եւ արտադրելու ատակ

երիտասարդութիւնը:

Լիբանանահայ ուսանողութիւնը անշուշտ անմասն չմնար վերոյիշեալ ցաւալի երեւոյթէն:

Լիբանանահայ համալսարանաւարտը նոյնպէս կը բաժնէ իր միւս հասակակիցներուն

ընդհանուր դժուարութիւնը, իր միակ փրկութիւնը տեսնելով կամ ժամանակաւոր աշխա-

տանքային գաղթին մէջ դէպի Արաբական Ծոցի երկիրներ եւ կամ ընդհանրապէս

ամբողջական արտագաղթին մէջ, հետե-ւաբար՝ դէմ հանդիման գտնուելով այս բանէն

փխելիք ընկերա-հոգեբանական բացասական բոլոր հարցերուն առջեւ:

Իմ կարծիքով, Լիբանանի պարագային

շատ յստակ հարց մը գոյութիւն ունի, որն

է՝ աններդաշնակութիւնը աշխատանքա-

յին շուկայի պահանջքներուն եւ համալ-

սարաններու հրամցուցած մաս-

նագիտութիւններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ

միեւնոյն մասնագիտութեան մը մէջ

երեւոյթ դարձող մեծ թիւերով շրջանա-

ւարտներու գոյութիւնը, որ շուկայական

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 245 էջ 3

Այսօր, յստակ է թէ համալսարաններ լուրջ ուսումնասիրութիւններու վրայ չէ որ կը

հաստատեն որոշ մասնագիտութիւն մը հրամցնելը: Այլ`այս կամ այն մասնագիտութեան

ճիւղը կը բացուի յաճախ ալ առանց պետական արտօնութեան, զուտ շահադիտական

պատճառներով:

Համալսարան մը մասնագիտական ճիւղի մը faculty–ն բանալու կամ ուսանողներու որոշ թիւ

մը ընդունելու իր աշխատանքին մէջ պէտք է որ ըլլայ շատ ուշադիր, հեռատես եւ

պատասխանատու: Օրինակի համար, քառորդ դար մը առաջ, Լիբանանի մէջ կային միայն

երկու համալսարաններ, որոնք կը վկայէին բժիշկներ: Այսօր անոնք թիւով տասն են: Այսինքն

վկայուող բժիշկներուն թիւը թերեւս տասնեակ մը անգամով աւելի է, մինչ՝ Լիբանանի

բնակչութեան թիւը ասոր համապատասխան աճ մը բնաւ ալ չէ արձանագրած, այլ գրեթէ

միեւնոյնն է: Այս թիւէն տակաւին դուրս կը մնան այլ երկիրներէ վկայուող եւ Լիբանան

վերադարձող բժիշկները: Արդեօք, այսօր Լիբանանի մէջ այս բոլոր բժիշկներուն համար

բաւարար թիւով հիւանդ կա՞յ:

Նոյնքան եւ նաեւ աւելի անլուրջ են անշուշտ դպրոցական աւարտական դասարաններու

աշակերտութեանց համար կարգ մը համալսարաններու պատասխանատուներուն

հրամցուցած կողմնորոշութեան (orientation) փոխ այցելութիւնները, որոնք միայն մէկ

նպատակ կը հետապնդեն, որն է՝ կարելի եղածին չափ շատ աշակերտ ապահովել տուեալ

համալսարանին, մինչ կարգ մը խեղճ ու կրակ տնօրէններ կը կարծեն թէ եղածը

աշակերտութեան ապագային սիրոյն է որ կ'ըլլայ: Եւ բաւարարուած, բնաւ ալ չեն ձեռնարկեր

առարկայական եւ անկախ, իւրաքանչիւր աշակերտի կարողութիւններուն համեմատ

խորհրդակցելու (counceling) եւ լուսաբանելու անորոշ վիճակի մէջ գտնուող աշակերտը.

նախախնամութեան յանձնելով երիտասարդներու ապագան, փոխանակ զանոնք ճիշդ եւ

գիտական կերպով կողմնորոշելու:

Մայրերու համար շատ սիրելի եղող դասական մասնագիտութիւններ՝ ինչպէս բժշկութիւն եւ

երկրաչափութիւն ընտրելու վտանգին կողքին, եթէ նկատի ունենանք ուսումնառութեան

շրջանին հետեւելիք անգործութիւնը կամ գաղթը, այլ երեւոյթ մըն է այսօր աշակերտները

մղել, օրինակի համար, դէպի առեւտրագիտական մասնագիտութիւններ: Դէպի հոն ուղղուող

ուսանողներու թիւին մեծութիւնը այսօր արդէն ահազանգային դարձած է: Արդեօք, այս

բոլորին գործի բացը կամ առիթը կա՞յ այսօր Լիբանանի մէջ: Չեմ կարծեր: Համալսարաններու

պատասխանատուները արդեօք արդա՞ր են այս մեծ թիւերով ուսանողներ միեւնոյն

մասնագիտութեան մէջ ընդունելու: Ո՛չ, անշուշտ:

ամբողջական արտագաղթին մէջ, հետեւաբար՝ դէմ

հանդիման գտնուելով այս բանէն փխելիք ընկերա-

հոգեբանական բացասական բոլոր հարցերուն առջեւ:

Տնտեսագիտութեան մէջ, անգործութեան մղող վերոյիշեալ

վիճակը կը կոչուի Structural Unemployment (կառուցային

անգործութիւն), որ ամենավտանգաւորն է գոյութիւն

ունեցող այլ տեսակի անգործութեանց տեսակներուն մէջ,

որովհետեւ անգամ մը, որ երկիր մը իյնայ կառուցային

անգործութեան դժբախտ վիճակին մէջ, զայն սրբագրելը

երկար ժամանակի եւ սերնդափոխութեան կը կարօտի:

Այսօր, յստակ է թէ համալսարաններ լուրջ ուսումնասիրութիւններու

վրայ չէ որ կը հաստատեն որոշ մասնագիտութիւն մը հրամցնելը:

Այլ`այս կամ այն մասնագիտութեան ճիւղը կը բացուի յաճախ ալ

առանց պետական արտօնութեան, զուտ շահադիտական

պատճառներով:

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 245 էջ 4

Արդար ըլլալու համար, հոս տեղին է յիշել, թէ կարգ մը համալսարաններ ունին յատուկ

գրասենեակներ իրենց ուսանողութեան գործ հայթայթելու համար. սակայն իրողութիւնը այն

է, թէ իրենք չէ որ աշխատանքային շուկային վրայ ազդեցութիւն ունին, գործի առիթներու (job

opportunites) թիւը մեծցնելու:

Հաւանաբար կարգ մը ուսանողներ չունին վերոյիշեալ մտահոգութիւնը, յատկապէս անոնք,

որոնք ապագայի գործի ասպարէզի ապահովութիւնն ունին իրենց ընտանեկան գործի

հաստատութիւններուն մէջ, իսկ կարգ մը ուրիշներ մենաշնորհը ունին, Լիբանանեան

չափանիշով, «բարեխօսներ» ունենալու, որոնց միջոցաւ կրնան պաշտօնի մը վրայ

տեղադրուիլ: Այս երեւոյթը, սակայն, անշուշտ կարելի չէ ընդհանրացնել:

Ի տես վերոյիշեալ այս բոլոր երեւոյթներուն, մտահոգութիւնս մեծ է թէ, այս վիճակին որպէս

բնական հետեւանք, շուտով պիտի դիմագրաւենք (եւ արդէն կը դիմագրաւենք) ընկերա-

տնտեսական եւ ժողովրդագրական (democraphic) լուրջ հարցեր:

Այսօր Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ոչ պաշտօնական տուեալներ ցոյց կու տան թէ

լիբանանցի գործոյժի մէջ ներառնուողներուն 67 %-ն է որ մնայուն գործ ունի:

Անգործութեան դժբախտ երեւոյթին ամենավտանգաւոր հետեւանքներէն մին, ինչպէս

ըսուեցաւ, երիտասարդութեան գաղթն է, ըլլայ գործի թէ մնայուն կեցութեան համար` մօտ թէ

հեռու երկիրներու մէջ: Երկիր մը որ իր աշխատունակ երիտասարդութենէն կը պարպուի

մարդկային համագծապատկերի լեզուով կ'ունենայ ծերացող բնակչութիւն (aging population),

որ, ի վերջոյ, կարծէք ետեւ մնացած պատանդ է եւ դատապարտուած ապրելու

«աղքատանոցի» վերածուած երկրի մը մէջ:

Ըստ իս, կրթական նախարարութիւնը հաւասարապէս պատասխանատու է այս վիճակին, աջ

եւ ձախ իր շնորհած համալսարաններու արտօնագիրներու եւ ստուգման control-ի պակասին

համար:

շրջանին հետեւելիք անգործութիւնը կամ

գաղթը, այլ երեւոյթ մըն է այսօր աշակերտները

մղել, օրինակի համար, դէպի առեւտրա-

գիտական մասնագիտութիւններ: Դէպի հոն

ուղղուող ուսանողներու թիւին մեծութիւնը

այսօր արդէն ահազանգային դարձած է: Արդեօք,

այս բոլորին գործի բացը կամ առիթը կա՞յ այսօր

Լիբանանի մէջ: Չեմ կարծեր: Համալսարաններու

պատասխանատուները արդեօք արդա՞ր են այս

մեծ թիւերով ուսանողներ միեւնոյն մասնա-

գիտութեան մէջ ընդունելու: Ո՛չ, անշուշտ:

Ի տես վերոյիշեալ այս բոլոր երեւոյթներուն,

մտահոգութիւնս մեծ է թէ, այս վիճակին որպէս

բնական հետեւանք, շուտով պիտի դիմագրաւենք

(եւ արդէն կը դիմագրաւենք) ընկերա-

տնտեսական եւ ժողովրդագրական (democraphic)

լուրջ հարցեր:

Այսօր Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ոչ

պաշտօնական տուեալներ ցոյց կու տան թէ

լիբանանցի գործոյժի մէջ ներառնուողներուն 67

%-ն է որ մնայուն գործ ունի:

Անգործութեան դժբախտ երեւոյթին

ամենավտանգաւոր հետեւանքներէն մին, ինչպէս

ըսուեցաւ, երիտասարդութեան գաղթն է, ըլլայ

գործի թէ մնայուն կեցութեան համար` մօտ թէ

հեռու երկիրներու մէջ: Երկիր մը որ իր

աշխատունակ երիտասարդութենէն կը

պարպուի մարդկային համագծապատկերի

լեզուով կ'ունենայ ծերացող բնակչութիւն (aging

population), որ, ի վերջոյ, կարծէք ետեւ մնացած

պատանդ է եւ դատապարտուած ապրելու

«աղքատանոցի» վերածուած երկրի մը մէջ:

Ըստ իս, կրթական նախարարութիւնը

հաւասարապէս պատասխանատու է այս

վիճակին, աջ եւ ձախ իր շնորհած

համալսարաններու արտօնագիրներու եւ

ստուգման control-ի պակասին համար:

Լուծումներու առաջարկներու շարքը կրնայ

երկար ըլլալ եւ պիտանի անշուշտ: Կարելի է

նաեւ պարզապէս չընել այն ինչ որ այսօր

կ'ընենք: Այս մէկը արդէն իսկ ինքնին լուծում մըն

է: Կայ նաեւ այլ լուծում մը, որն է բարեփոխել եւ

գեղեցկացնել արհեստագիտական կրթութեան

Այսօր Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ոչ

պաշտօնական տուեալներ ցոյց կու տան թէ

լիբանանցի գործոյժի մէջ ներառնուողներուն

67 %-ն է որ մնայուն գործ ունի:

Անգործութեան դժբախտ երեւոյթին ամենա-

վտանգաւոր հետեւանքներէն մին, ինչպէս

ըսուեցաւ, երիտասարդութեան գաղթն է,

ըլլայ գործի թէ մնայուն կեցութեան համար`

մօտ թէ հեռու երկիրներու մէջ: Երկիր մը որ

իր աշխատունակ երիտասարդութենէն կը

պարպուի մարդկային համագծապատկերի

լեզուով կ'ունենայ ծերացող բնակչութիւն

(aging population), որ, ի վերջոյ, կարծէք ետեւ

մնացած պատանդ է եւ դատապարտուած

ապրելու «աղքատանոցի» վերածուած երկրի մը

մէջ:

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 245 էջ 5

լեզուով կ'ունենայ ծերացող բնակչութիւն (aging population), որ, ի վերջոյ, կարծէք ետեւ

մնացած պատանդ է եւ դատապարտուած ապրելու «աղքատանոցի» վերածուած երկրի մը

մէջ:

Ըստ իս, կրթական նախարարութիւնը հաւասարապէս պատասխանատու է այս վիճակին,

աջ եւ ձախ իր շնորհած համալսարաններու արտօնագիրներու եւ ստուգման control-ի

պակասին համար:

Լուծումներու առաջարկներու շարքը կրնայ երկար ըլլալ եւ պիտանի անշուշտ: Կարելի է

նաեւ պարզապէս չընել այն ինչ որ այսօր կ'ընենք: Այս մէկը արդէն իսկ ինքնին լուծում մըն

է: Կայ նաեւ այլ լուծում մը, որն է բարե-փոխել եւ գեղեցկացնել արհեստագի-տական

կրթութեան ունեցած վատ պատկերը, որ մինչեւ օրս որպէս ան-պէտքներու եւ

ձախորդներու բնագա-ւառ նկատուած է, երբ այնքան կարիքը կայ լուրջ արհեստաւորներու

եւ թէքնիք

www.facebook.com/RAGmamoul

Լուծումներու առաջարկներու շարքը կրնայ երկար ըլլալ եւ պիտանի անշուշտ: Կարելի է

նաեւ պարզապէս չընել այն ինչ որ այսօր կ'ընենք: Այս մէկը արդէն իսկ ինքնին լուծում մըն

է: Կայ նաեւ այլ լուծում մը, որն է բարեփոխել եւ գեղեցկացնել արհեստագիտական

կրթութեան ունեցած վատ պատկերը, որ մինչեւ օրս որպէս անպէտքներու եւ ձախորդներու

բնագաւառ նկատուած է Լիբանանի մէջ, երբ այնքան կարիքը կայ լուրջ արհեստաւորներու

եւ թէքնիք աշխատակազմի: Օրինակի համար մեզմէ ո՞վ ատենին կրնայ գտնել իր փնտռած

ելեկտրագործը կամ կոյասարքերու մասնագէտը (սէնկերին)...

Եզրակացնելու համար, օրինակ այսօրուայ Գերմանիոյ ուսանողութեան բացարձակ

մեծամասնութիւնը կու գայ թէքնիք գիտութիւններու ուսումնարաններէն եւ մինչ

Գերմանիա կ'արտադրէ BMW–ի նման գերարդիական ինքնաշարժներ, մենք հոս,

Լիբանանի բնակչութեան ունեցած համեմատաբար մեծ թիւով յետ համալսարանական

վկայականներ եւ բարձրաստիճան դոկտորական տիտղոսներ կրող անձերուն առընթեր,

կարելիութիւնը չունինք վերոյիշեալ ինքնաշարժին մէկ անիւն իսկ արտադրելու...

Պէյրութ, Լիբանան

Letters to the Editor

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 245 էջ 6

Թանկագին գրչակից ընկերներ ի ՌԱԿ Մամուլ

Կրկին մեր մինուճար երկրագունդը Արեւի շուրջը

դառնալը լրացնելով պիտի շարունակէ իր նոյն

շրջապտոյտը, մարդկութեան նուիրելով Նոր Տարի...

Մեր հանճարեղ Վահան Տէրեանի քառեակը

հոյակապ բաղձանքն մըն է որը արժէ կրկին վերյիշել երբ կը մաղթենք զիրար

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

Եւ ուրեմն`

Ժամ է, ե`լ նորից, իմ ծիրանավառ,

Զրահաւորուի`ր խանդով խնդագին,

Վառի`ր երկունքի գիշերում խաւար,

Հրով մկրտուած Նայիրեան հոգին:

Եւ երեւակայել որ մեր ժողովուրդի դժոխային

արհաւիրքի 1915 ի օրերուն է որ հանճարեղ Տէրեանը

պահանջք զգացած է գրելու վերոյիշեալ տաղերը...

Նայիրեան ծիրանավառի ելքը թող միշտ հրով

մկրտուի...

Սիրով`

Խաչատուր Բիլիկեան

NOTE FROM THE EDITOR

Our Liberal principles advocate ‘Freedom of speech’ as a mainstay of our beliefs;

consequently the ideas presented here not necessarily reflect our point of view.

Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ

2014 տարին Աշխարհին պար-գեւէ խաղաղութիւն, Հայ Հողին ու Հայ Մարդուն՝ նորանոր նուա-ճումներ: իսկ մեր ընտանիք-ներուն՝ արեւշատութիւն:

Նոր Տարուան եւ Սուրբ

Ծննդեան մեր լաւագոյն բարե-մաղթանքներով`

Զաւէն Զաքարեան եւ Ընտանիք

Comment on Robert Fisk’s article -

Nearly a century after the Armenian

genocide, these people are still being

slaughtered in Syria –

Very beautifully explaining the

problem that we Armenians are

facing in Syria, Bravo Mr. Fisk you

are a man of truth a man who sees

the pain of this World, I, an Armenian

living in Canada, deeply appreciate

this courage that you have of seeing

and writing about the problem and

the truth of Middle East so clearly

and giving to the World the clear

message of the need that minorities

need in the Middle East and the

World. God bless you.

Vanig Jelilian Canada

Յ Ա Յ Տ Ա Ր Ա Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

Տօնական օրերու արձակուրդներուն բերումով, մեր առաքումերը պիտի դադրին

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2014-էն սկսեալ եւ պիտի վերսկսին

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2014-ին:

Առ այդ կ'ապաւինինք մեր ընթերցողներու հասկացողութեան

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՄԱՄԼՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆ

- - - - - - - - - - - - - -

A N N O U N C E M E N T

Due to the Festive Season Holidays,

our emissions will temporarily cease

as of Wednesday, January 1, 2014

and will re-commence on

Monday, January 13, 2014.

Consequently, we resort to the understanding of our readers

CENTRAL PRESS COMMITTEE OF THE

ARMENIAN DEMOCRATIC LIBERAL PARTY

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Friday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Ուրբաթ օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/01/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]