monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

15
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՆԴԱՇԱՏ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍՈՒՐԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ «ԳԻՇԵՐ ԲԱՐԻ ՄԱՄ» ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԶԱՆԳ՝ ԴԱԺԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: ինչպէս լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս լիբանանեան կեանքը, այնպէս ալ մեր օրերու քաոսային համաշխարհայնացման ողբերգական արարներէն մէկը։ «Անհայր» ընտանիք, կեանքի դժուարին պայմաններէն ու տիրելու մոլուցքէն տառապող անհաւասարակշիռ մայր եւ զգայուն ու գեղանի դուստր, որ հիսասթափուած ամուսնութենէ, ձախողած յարաբե- րութիւններէ՝ միակ միջոցը կը գտնէ ձերբազատուելու այս քաոսէն… անձնասպանութիւնը։ - “Գիշեր բարի մամ։ Կնոջ մը ինքնութեան մասին է։ Բիեսը կը խօսի Շաղիկին եւ իր մօր մասին։ Շաղիկ, շաբաթ գիշեր մը իր մօր կ’ըսէ. “Մամ, ես քիչ ետք անձնասպան պիտի ըլլամ”։ “Թէ ինչը մղեց Շաղիկին որ հասնի այս որոշումին, որն է անձնասպան ըլլալ կամ ոչ։ Օրուայ Յօդուածը www.facebook.com/RAGmamoul Հայրենի Լուրեր Անուանի Ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը Եւ Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը Հանդէս Պիտի Գան Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբին Հետ (Տեսնել՝ էջ 3) Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան - Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին (Տեսնել՝ էջ 4) - Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Լոյս Զուարթ» Պատկերասփիւռի Յայտագիրը (Տեսնել՝ էջ 5) - Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը (Տեսնել՝ էջ 5) - Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապար- տէզի 68 Ծաղիկները Ուխտեցին Շարունակել 75-Ամեայ Երթը (Տեսնել՝ էջ 6) Լիբանանի թատերասէր ընտրանին հրաւիրուած էր 2014 թ.ի Յունիսի առաջին օրերուն, ներկայ ըլլալու եւ գնահատելու երիտասարդ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի խիզախ թատեր- գութիւնը՝ «Գիշեր Բարի Մամ», Թէաթրոն Ժըմմէյզիի բեմահարթա- կին վրայ, որ կը ներկայացնէր

Upload: ramgavar-party

Post on 16-Mar-2016

225 views

Category:

Documents


0 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՏԱՂԱՆԴԱՇԱՏ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍՈՒՐԷՆ

ԽՏԸՇԵԱՆԻ «ԳԻՇԵՐ ԲԱՐԻ ՄԱՄ»

ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԶԱՆԳ՝ ԴԱԺԱՆ

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

ինչպէս լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս լիբանանեան

կեանքը, այնպէս ալ մեր օրերու քաոսային

համաշխարհայնացման ողբերգական արարներէն

մէկը։

«Անհայր» ընտանիք, կեանքի դժուարին պայմաններէն

ու տիրելու մոլուցքէն տառապող անհաւասարակշիռ

մայր եւ զգայուն ու գեղանի դուստր, որ

հիսասթափուած ամուսնութենէ, ձախողած յարաբե-

րութիւններէ՝ միակ միջոցը կը գտնէ ձերբազատուելու

այս քաոսէն… անձնասպանութիւնը։

- “Գիշեր բարի մամ։ Կնոջ մը ինքնութեան մասին է։

Բիեսը կը խօսի Շաղիկին եւ իր մօր մասին։ Շաղիկ,

շաբաթ գիշեր մը իր մօր կ’ըսէ. “Մամ, ես քիչ ետք

անձնասպան պիտի ըլլամ”։ “Թէ ինչը մղեց Շաղիկին որ

հասնի այս որոշումին, որն է անձնասպան ըլլալ կամ ոչ։

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

www.facebook.com/RAGmamoul

Հայրենի Լուրեր Անուանի Ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը

Եւ Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը

Հանդէս Պիտի Գան Հայաստանի Պետական

Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբին Հետ (Տեսնել՝ էջ 3)

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան

- Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Այցելեց

Արամ Ա. Կաթողիկոսին (Տեսնել՝ էջ 4)

- Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Լոյս

Զուարթ» Պատկերասփիւռի Յայտագիրը (Տեսնել՝ էջ 5)

- Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս

Պատրիարքը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ

ՀՀ Դեսպանը (Տեսնել՝ էջ 5)

- Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապար-

տէզի 68 Ծաղիկները Ուխտեցին

Շարունակել 75-Ամեայ Երթը

(Տեսնել՝ էջ 6)

Լիբանանի թատերասէր ընտրանին

հրաւիրուած էր 2014 թ.ի Յունիսի

առաջին օրերուն, ներկայ ըլլալու եւ

գնահատելու երիտասարդ բեմադրիչ

Սուրէն Խտըշեանի խիզախ թատեր-

գութիւնը՝ «Գիշեր Բարի Մամ»,

Թէաթրոն Ժըմմէյզիի բեմահարթա-

կին վրայ, որ կը ներկայացնէր

Page 2: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 2

Այդ մէկը կը գիտնանք փիեսի աւարտին”,- թատրերգութեան նախաբանին մէջ կը ներկայացնէ Սուրէն

Խտըշեան։

Լիբանանահայ թատրոնի կեանքին մէջ իր երկրորդ գլխաւոր “մուտքը” այս անգամ յաջողութեամբ պսակեց

Շաղիկ Մայիսեան-Խտըշեան իր նոյնանուն՝ “Շաղիկ”ի դերով։ Ան կարողացաւ հանգիստ կերպով, ջղային ու

հիսթերիք պոռթկումներով իր “մօր”՝ լիբանանեան թատրոնի փորձառու դերասանուհի Գոհար Քերոբեանին

բացատրել կացութեան լրջութիւնը, յայտնելով թէ նոյն գիշերը անձնասպան պիտի ըլլայ, փամփուշտ մը

կրակելով գլխուն՝ իր իսկ սենեակին մէջ։ Անհաւատալի թուացող այս մտադրութիւնը մայրը կ’ընդունի

առերես, շարունակելով իր ջղային արարքները, ամէն ինչ ջարդուփշուր ընելու, մահացած ամուսինը

բնովելու, նորանոր վէճեր հրահրելու եւ մէկ խօսքով, աղջկան կեանքը իսկական դժոխքի վերածելու

“գործընթացը”։ Մանրամասն ծրագրելով (ինչպէս ըրած էր Ֆրանսայի հանգուցեալ նախագահ Միթերան) իր

մահն ու յետ-մահու իրադարձութիւնները, Շաղիկ՝ վճռական ու ակամայ՝ “Գիշեր բարի մամ” կ’ըսէ ու…

անձնասպան կ’ըլլայ շուարած ու հոգեկան ցնցումներ ապրող մօր շշմած հայեացքին առջեւ, որուն

աղերսանքները՝ սենեակին դուռը բանալու, անարձագանգ կը մնան։

- “Փիեսը patriarchal system-ի դէմ է։ Այսինքն՝ տղամարդը ընտանիքին գլուխը։ Տիպարներն ալ այդ սիստեմին

զոհերն են։ Մայրը ընդունած է կեանքը ինչպէս որ է։ Իսկ Շաղիկ դէմ կ’ելլէ եւ չ’ընդունիր շրջապատը։

Շաղիկ կը մերժէ իր ինքնութիւնը եւ կը քանդէ կնոջ ինքնութեան յոյսը… կը վերլու թատերգութեան

բեմադրիչը։

Սակայն, ինչպէս որ կը տեսնենք, երբ վարագոյրը կ’իջնէ,

կեանք մը, ընտանիքի մնացորդաց մը, կը կործանի, որպէս

“քաւութեան նոխազ” տիրող համակարգին անխիղճ ու

մեքենայացած այս նոր աշխարհին մէջ։

Չափազանց բարդ, միտքերու ու գաղափարներու բախման

տեսարաններով լի այս թատերգութիւնը, իր որոշ

թերութիւններով՝ յաջողած էր բեմ դուրս գալ եւ

ծափողջոյններով դիմաւորուիլ հանդիսականներուն կողմէ։

Թեթեւ եւ աժան կատակներով ու ծիծաղով լի թատերգութիւն

մը չէր այս, այլ՝ նոր եւ հին “աշխարհ”ներու, մտայնութեանց

եւ համակարգերու պայքարն ու անխուսափելի բախումը

ցոլացնող ստեղծագործութիւն մը, որուն համար կը

շնորհաւորենք տաղանդաշատ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանը,

մաղթելով որ այս դժուարին ժամանակներուն, ան՝ առանց

յուսահատելու շարունակէ վառ պահել հայ թատրոնի ջահը,

փոխանցելու յետագայ սերունդներուն։

Պէյրութ, Լիբանան

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Page 3: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 3

Հայրենի Լուրեր

ԱՆՈՒԱՆԻ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՍԵՐԳԷՅ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԸ ԵՒ

ԹԱՒՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՆԱՐԵԿ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի

նախաձեռնութեամբ` ս. թ. յունիս 15-ին, ժամը 19:00-ին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ`

Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ (խմբավար Էդուարդ Թօփչեան) հանդէս պիտի

գան անուանի ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը եւ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը:

Ծրագիրին պիտի հնչեն Պրամսի ջութակի, թաւջութակի եւ նուագախումբի համար կրկնակի համերգը,

ինչպէս նաեւ Պրամսի N 2 սիմֆոնիան:

Ս. թ. յունիս 13-ին, ժամը 15:00-ին, «Կոլտըն

Թուլիփ» հիւրանոցի «Վիւալդի» սրահին

մէջ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ

նուագախումբի եւ աշխարհահռչակ

երաժիշտներ Սերգէյ Խաչատրեանի

(ջութակ) եւ Նարեկ Հախնազարեանի

(թաւջութակ) համատեղ համերգին

նուիրուած մամուլի ասուլիսին կը

մասնակցէին ՀՀ մշակոյթի

նախարարութեան աշխատակազմի

ժամանակակից արուեստի վարչութեան

պետ Սէյրանուհի Գեղամեան, Սերգէյ

Խաչատրեան, Նարեկ Հախնազարեան,

Էդուարդ Թօփչեան: Այս մասին կը

տեղեկանանք ՀՀ մշակոյթի

նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:

Page 4: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց

Արամ Ա. կաթողիկոսին: Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառին` Վատիկանէն վերադարձին:

Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Վատիկան կատարած իր այցելութեան ու յատկապէս

այդ առիթով սրբազան քահանայապետին ու Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ իր

ունեցած հանդիպումներուն գծով:

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 4

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ

եղաւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի

յանձնախումբի ժողովին եւ ընդհան-րապէս

100-ամեակի նախապատրաս-տական

աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը

կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստան-սփիւռք

գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ հայ

ժողովուրդի միասնականութեան աւելի

շօշափելի արտայայտութիւն տալու

հրամայականը` մասնաւորաբար

ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին:

Page 5: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԸ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը 12 Յունիս 2014-ին Հայ

կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

Աշոտ Քոչարեանը:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ «ԼՈՅՍ ԶՈՒԱՐԹ»

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 5

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ կը

սփռուի «Լոյս Զուարթ» պատկերասփիւռային

Յայտագիրը՝ «Նուր ալ Շարք» նորաբաց արբանեակային կայանէն

Երկժամեայ յայտագիրը պիտի սփռուի իւրաքանչիւր

երկուշաբթի, Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նայլ

Սաթի 11177 horizontal յաճախականութեան վրայ ( S.R. 27500 ):

Ժամային տարբեր գօտիներու մէջ գտնուող երկիրներուն համար

յայտագրի սփռումը պիտի կրկնուի իւրաքանչիւր շաբթուայ

Ուրբաթ օրը` կէսօրէ ետք ժամը 1:00-3:00 եւ Շաբաթ`

առաւօտեան ժամը 5:00-7:00 , դարձեալ Պէյրութի ժամով ( GMT

+2 )

Հանդիպումին ընթացքին խօսակցութիւնը

շօշափեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ

տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համա-

կարգող պետական յանձնաժողովին աշխա-

տանքները, ընդհանրապէս հայկական եւ

մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-

խնդիրները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւն-

ները եւ շրջանային վերջին զարգացումները:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կարեւորութեամբ

անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանա-

յապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին

կապակցութեամբ քահանայապետին մօտեցման ու

ծրագիրներուն:

Page 6: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 6

ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ 68

ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ ՈՒԽՏԵՑԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ 75-ԱՄԵԱՅ ԵՐԹԸ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու

բաշխումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ,

ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ.

Եղիայեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու,

ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք,

հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Անի Թաշճեան, Ռուբէն Թէնքէրեան եւ Սէրլի Թերզեան:

Page 7: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 7

Բարի գալուտի խօսքերէն ծաղիկ դասարաններու աշակերտները երգեցին ֆրանսերէն, արաբերէն եւ

հայերէն երգեր:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Մարիա

Պէօճէքեան, որ նշեց, թէ մանկապարտէզի աշակերտները իրենց երգերով ու պարերով պիտի ուխտեն

Մեսրոպեանավայել ոգիով ու նուիրումով շարունակելու պահպանել մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային

արժէքները եւ զանոնք հարստացնել ու զարգացնել: Տիկին Պէօճէքեան հաստատեց, որ երեխաները

մանկապարտէզին մէջ սորվեցան աշխատասիրութիւն, յարգանք, սէր Աստուծոյ, հայոց լեզու եւ ազգային

արժէքներ:

Տիկին Պէօճէքեանի խօսքէն ետք, իր հայրական պատգամը փոխանեց Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. վրդ.

Եղիայեան, որ նկատեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակին առիթով, այս հանդիսութիւնը լաւագոյն

փաստն է ապացուցելու, որ վարժարանի ապագան փայլուն է ու լուսաւոր: Հայր Եղիայեան մեծապէս

գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ ուսուցիչներուն նուիրական ու հետեւողական

գործունէութիւնը:

Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահին խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու

վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 68

շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:

Հանդէսը շարունակուեցաւ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու 203 աշակերկտներու

կատորողութեամբ ներկայացումներով, որոնց ընթացքին աշակերտները հայկական եւ օտար երգերով,

պարերով եւ բեմական կատարումներով արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն:

Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու մասնակցութեամբ «Իմ

անունը Հայաստան է» խմբերգի կատարումով:

Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն.

Կրէկուար Գալուստ, որ վստահեցուց, թէ այսօրուան շրջանաւարտները վաղը պիտի կերտեն փայլուն

ապագան ու Արարատի գագաթին պիտի ծածանեն Եռագոյնը:

Page 8: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

Պրն. Գալուստ յայտնեց, որ հայ պատանին արժանի է կրթական լաւագոյն միջավայր ունենալու իրաւունքին,

եւ վարժարանը պիտի շարունակէ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել` ստեղծելու այդ իտէալական

միջավայրը: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց

մասնակցութիւնը բերին այս հանդիսութեան յաջողութեան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 111, էջ 8

Page 9: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 10: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 11: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111
Page 12: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

Page 13: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111
Page 14: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111
Page 15: Monday 16 06 14, volume # 9, issue # 111

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]